Շաբաթ օր,  Օգոստոսի 3ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց ՀՄԸՄ-Ի Վարչութեան փոխ ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, որոնք եկած էին Սրբազան Հօր շնորհակալութիւն յայտնելու Առաջնորդարանի կատարած նիւթական օժանդակութեան համար։

Հանդիպման, որուն ներկայ եղաւ նաեւ արժ. Տ.  Գէորգ քհն Արշակեանը` քննարկուեցաւ Միութեան 75 ամեակի տօնակատարութեանց հետ առնչուող հարցեր։

About The Author

By iamc