ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Ի Յիշատակ Իրաքի Հայոց Թեմի Վախճանեալ Հոգեւորականներուն

viber image 2019-03-15 , 14.31.22

Մարտ 15, 2019-ին, Իրաքի Հայոց Առարջնորդարանի՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան սրահին կից դահլիճին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Իրաքի Հայոց թեմի վախճանեալ առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն յիշատակին։ Արարողութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ վերջերս իր մահկանացուն կնքած  Կ․Պոլսոյ պատրիարք  ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի անունը։ Ելոյթ ունեցաւ Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ  վարդապետ Սարգիսեան: Ան խօսեցաւ   վախճանեալ հոգեւորականներու բեղուն գործունէութեան մասին։ Արարողութեան  ներկայ էին՝  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր  դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ  հաւատացեալ բազմութիւն։

 

Print Friendly, PDF & Email