21 Հոկտեմբեր 2026-ին, Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Իրաքի Հայոց նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գէորգեան ծանօթացաւ Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ Պաղտատի Ազգային Վարժարանի եւ Մանկապարտէզի ուսուցչական կազմերուն հետ։

Հանդիպման ընթացքին Հայր Սուրբը իր պատգամը յղեց ներկաներուն՝ շեշտելով աշխատասիրութեան, պատասխանատութեան եւ նուիրուածութեան կարեւորութիւնը։ Ան բոլորին մաղթեց յաջողութիւն, աշխատանքային բեղուն ընթացք եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն։

Հանդիպման ներկայ էին Պասրայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Դերենիկ Աբեղայ Սահակեանը եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը եւ անդամները։

Լուսանկարները’

Օրդ։ Մարիամ Մարտիրոսեան

About The Author

By iamc