Ելոյթ ունեցող դպրաց դասերու շարքին էր Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Պր․ Ստիւ Յարութիւնեանի։ Հայ երաժշտութիւնը միշտ ալ յուզած է ժողովուրդը եւ այսօրուայ «Զուարթնոց» դպրաց դասի կատարումները վկայութիւնն էր Աստուածային երաժտութեան ներշնչումին։ Գնահատելով մասնակիցներու կատարումները Լատին համայնքի առաջնորդ Ճան եպս․ Սլեմանը ամբիոն հրաւիրեց Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանին` միասնաբար մասնակիցներուն նուէրներ բաշխելու։ Հայր սուրբին ուղեկցեց Արժանապատիւ Տ․ Գէորգ քհնյ․ Արշակեանը: