ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊՀԵԵՄ

Պաղտատի Մէջ Գրական-Գեղարուեստական Երեկոյ Նուիրուած «Նեմեսիս» Գործողութեան 100-Ամեակին

DSC_0205

Հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ստացանք Պ․Հ․Ե․Ե․ Միութեան վարչական անդամ Պր․ Յակոբ Սահակեանէն.

Կազմակերպութեամբ՝ ՊՀԵԵ միութեան Գրական յանձնախումբին, Մարտ 23-ին, միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ, նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 100-ամեակին:  Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ  ՀՀ հիմնով,  յայտագիրը կը պարունակէր՝ խօսք օրուան առթիւ, արձակ-գրութիւններ, Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփը», ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ  «Նեմեսիս» գործողութեան մանրամասնութիւնները,  որոնց յաջորդեցին խմբերգներ ու մեներգներ։ Երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հոգեւոր դասը, ՀՀ  դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեանը, ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Պասրայի թաղականութեան ատենապետ՝ Պր. Խաժակ Վարդանեանը, Պաղտատի մէջ գործող Միութեանց վարչութեան կազմերը եւ հոծ բազմութիւն։

Print Friendly, PDF & Email