Ապրիլ 13-ին, Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային միութիւնը խրախճանք մը կազմակերպեց, ՊՀԵԵ միութեան սրահին մէջ Երեւանի 2800 ամեակին նուիրուած օփերետի մասնակիցներուն պատուին։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց միութեան փոխ ատենապետ Տիկ․ Նուշիկ Միլքոնեան, ան իր խօսքին մէջ նշեց Իրաքի կանանց դրական դերակատարութիւնը թեմէն ներս, ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բեմադրիչ Պր․ Արա Եսայեանին եւ մասնակիցներուն ինչպէս նաեւ կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին իրականացնելու ձեռնարկը։ Գնահատանքի իրենց խօսքը ըսին՝ ՀՀ դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեան եւ Կեդր․ վարչ․ ատենապետ Պր․ Մելքոն Մելքոնեան։