Skip to content
Ապրիլ 11-ին, Արաբ պատմաբաններու միութիւնը Պաղտատի մէջ կազմակերպած էր «Խաղաղութիւն Իսլամ եւ Քրիստոնեայ Կրօններու Միջեւ» խորագիրով համագումարը։ Համագումարին մասնակցած էր գիտնական, հայագէտ Դոկտ․ Սալըհ Զահըր Ալ-Տինը, որ ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով ուսումնասիրութիւն մը «Հայ-արաբական խաղաղութեան դաշնագրեր» վերնագիրով։ Ձեռնարկին ներկայ էին Իրաքի Հայոց առաջնորդարանի անձնակազմէն ոմանք։