2019-ի Յուլիս 22-ին, Պ․Հ․Ե․Ե միութեան վարչութիւնը կազմակերպեց խրախճանք մը միութեան հիմանադրութեան 93րդ ամեակի առիթով։ Վարչութիւնը բացման խօսքով հանդէս եկաւ որմէ ետք նուէրներ բաշխուեցան նախկին վարչութեան անդամներուն, միութեան տարբեր դասընթացները կազմակերպող ուսուցիչներուն ինչպէս նաեւ այն անձանց որոնք ոլորեցին իրենց անդամակցութեան 25 տարիները։ Այս միջոցառմանը ներկայ էին ՀՀ դեսպանը եւ կցորդը։