2019ի Օգոստոս 23-ին, Իրաքի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաq արք․ Ասատուրեանը առաջնորդարանի սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Զուարթնոց Դպրաց դասի, սարկաւագներու, դպիրներու ինչպէս նաեւ եկեղեցապան մարմնի հետ։ Ներկաները առաջարկներով հանդէս եկան բարելաւելու երիտասարդութեան կեանքը եւ քննարկելու համայնքին յուզող հոգեւոր խնդիրները։ Նեկայ էին Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանը եւ Տ․ Գէորգ Արշակեանը։



