Մայիս 31-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը քահանայ հայրերուն հետ մասնակցեցաւ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Ս. Նարեկ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Պատարագը մատուցեց Իրաք հովուապետական այցելութեամբ ժամանած Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը։ Աւարտին հոգեւոր դասը եւ հաւատացեալները մասնակցեցան Աբիկեան սրահին մէջ կազմակերպուած սիրոյ ճաշին։
Լուսանկարները՝
Պրն․ Րաֆֆի Լուսեան

















