Մեյտանի Սբ․ Աստուածածին եկեղեցին ըլլալով Պաղտատի մէջ ամենայ հին եկեղեցին այն նաեւ համաքրիստոնէական ընկալեալ սրբավայր է եւ ամէն տարի Օգոստոս 15-ին Սբ․ Աստուածածին եկեղեցին կը ընդունի հազարաւոր ուխտաւորներու։ Հարիւամեակներէ հասած աւանդութեամբ այս տարի եւս վաղառաւոտէն ներկաներու հոծ բազմութիւնը աղօթական գիտակցութեամբ կը մասնակցեր Սուրբ եւ անմահ պատարագին։ Յիշատակութեան արժանի է որ, եկեղեցին իր վեհ կոչումով իրեն կը հրաւիրէ թէ քրիստոնեայ եւ թէ իսլամ հաւատացեալներու։ Աստուծոյ մարդիկ եկած են իրենց շնորհակալութիւնները եւ խնդրանք-աղաչանքները Սբ․ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ արարչին մատուցանելու։ Մեր եկեղեցին Սբ․ Աստուածածնի վերափոխման օրը կը տօնախմբէ Օգոստոս 15-ի մօտ Կիրակին՝ որպէս տէրունական օր։
Օգոստոս 17-ին վերափոխման նախատօնակը հանդիսապետեց Իրաքի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանը եւ ներկայութեամբ Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանի, համայնքի երէցներու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Սրբազան Հայրը ներկաներուն բացատրեց Սբ․ Աստուածածնի վերափոխման տօնի կարեւորութիւնն ու խորհուրդը։ Վերջաւորութեան Մարիամ անուն կրող ներկաներուն բաշխուեցան նուէրներ։
Կիրակի Օգոստոս 18-ին վերափոխման օրը Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղոցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ։ Կը պատարագեր Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ Վարդապետ Սարգիսեանը, ով իր քարոզին մէջ ներկայացուց մայրութեան հոգածութեան, խնամքի եւ փայփայանքի վեհ գիտակցութիւնը մեր հայ իրականութեան մեջ։ Ապա նաեւ կատարուեցաւ խաղողօրհնեքի կարգը։
Տեղին է նշել որ, Եկեղեցապան Մարմինը եւ ՀԵԿ-ը իրենց մասնակցութեամբ եւ աշխուժութեամբ պատշաճօրեն կազմակերպեցին վերափոխման շաբաթուայ աշխատանքները։








