ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՀՄԸՄ

37-րդ Մարզահանդէսը Պաղտատին Մէջ

 2019ի Օգոստոս 28-ին, hովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի ՀՄԸ միութիւնը կազմակերպեց 37-րդ ամենամեայ մարզահանդէսը նուիրուած՝ միութեան հիմնադրութեան 70 ամեակին։ Հարիւրէն  աւելի երիտասարդներ տարբեր մարզերէն ժամանեցին Պաղտատ մասնակցելու այս միջոցառմանը։ Հանդէսը սկսուեցաւ տէրունական աղօթքով եւ հիմնով։ ՀՄԸ միութեան վարչութեան բացման խօսքէն ետք բարձրացուեցան Իրաքի եւ Հայաստանի դրօշները եւ վառուեցաւ խաղերուն սկիսբ տուող  ջահը։ Մարզիկներու եւ սկաուտներու տողանցք կատարուեցաւ ինչպես նաեւ տեղի ունեցան պարեր, բեմադրութիւններ, մրցոյթներ ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ ՀՄԸ միութեան պատմականը։ Բացման արարողութիւնը աւարտուեցաւ շքերթով։ Առաջնորդ  սրբազան Հայրն իր օրհնութեան խօսքը յղեց մասնակիցներուն մաղթելով արդիւնավէտ աշխատանք ի փառս Հայոց ազգին։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: