ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Խաղաղութեան Համագումար Արցախի Մէջ

Իրաքէն Արցախ` «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովին մասնակցելու եկած պատուիրակները նախ այցելած են Երեւան: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ` հոկտեմբեր 8-ին, անոնք ծաղիկներ  խոնարհած են  Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա այցելած Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Yerkir.am-ին պատուիրակութեան ղեկավար` Իրաքի ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան ըսաւ, որ վաղը պիտի մեկնին Էջմիածին, պիտի հանդիպին  Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդի հետ: Միւս օրն արդէն պիտի մեկնին Ստեփանակերտ` հոկտեմբեր 11-14 մասնակցելու Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպած համաժողովին:Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Իրաքի պատմաբաններու միութեան նախագահ, «ԵՈՒՆԵՍԿՕ-Իրաք»  թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ դոկտոր Ճաւատ Ալ-Պեյտանի, գրող, լրագրող Ֆիքրադ ալ Պաղտատի, ճարտարապետ, քաղաքական եւ անվտանգութեան ոլորտներու հետազօտող Մուհամետ ալ Ուկայլի եւ ազգութեամբ եզիտի` ցեղապետ Խալէտ Տախիլ Սայիտ Համօ: Մելքոն Մելքոնեանի խօսքով` անոնք Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի անվտանգութեան եւ անկախութեան հարցերով միշտ նեցուկ  եղած են Իրաքի հայ համայնքին: «Անոնք լայնախոհ, մարդասիրական արժէքներով գործիչներ են, գիտեն հայոց պատմութիւնը, մեզի հետ ծանօթացած են եւ ընկերացած»,- ըսաւ անյատկանշական է, որ Yerkir.am-ի հետ զրոյցին անոնցմէ  մէկն իր ազգանունին աւելցուց «եան» վերջածանցը: Իրաքի մէջ հայ համայնքի իրական թիւը 5-6 հազար է` ըսաւ Մելքոն Մելքոնեան: «Հայապահպանութիւնը խնդիր է, բայց ոչ միայն Իրաքի մէջ, այլեւ ամէնուր. եթէ Հայաստանի մէջ, ըսենք, խօսքի մէջ ռուսերէն, անգլերէն բառեր կը գործածեն, ապա Իրաքի մէջ` արաբերէն ու քրտերէն, անգամ գիւղեր կան, ուր հայերն ամբողջովին քրտախօս են»,- նշեց ան: Մելքոնեանի խօսքով` հայերն այնտեղ կա՛մ իրենց սեփական գործն ունին, կա՛մ պետական աշխատանք` բժիշկներ, երկրաչափներ, դասախօսներ, մեքենաներու վարպետներ եւ այլ։ Դէպի Հայաստան ներգաղթ կազմակերպելը ցանկալի կ՛ըլլար, բայց, Մելքոնեանի խօսքով, այն, ինչ կ՛առաջարկեն Հայաստանի մէջ, Իրաքէն գաղթածներու համար յարմար չէ. հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ չեն զբաղիր, սեփական գործարարութիւն բոլորը չեն կրնար բանալ: Հայաստանի մէջ, ըստ անոր, վիճակը կայուն չէ, այդ պատճառով սեփական գործարարութիւն չեն կրնար բանալ, պետական աշխատանք կամ գործարաններ  պէտք են, որպէսզի կարենան աշխատիլ, տուն վարձել, ընտանիք պահել:Անգամ իրաքի մէջ  լարուած ժամանակներուն Հայաստան եկած 1000 իրաքահայերը չհաստատուեցան Հայաստանի մէջ, մեծ մասը գնաց Եւրոպա կամ ԱՄՆ:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: