Ամսոյս 15ին Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը եւ անդամներէն ոմանք հանդիպում ունեցան Առաջնորդարանի աշխատակազմին հետ’ ի պատիւ Տ. Սեպուհ Քհնյ․ Պաղտասարեանի, Իրաքի մէջ իր հոգեւոր ծառայութեան աւարտի առիթով։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Պրն. Կարապետ Գալուստեանը արժեւորեց Տէր Հօր անձնուէր ծառայութիւնը, ընդգծելով անոր նուիրուածութիւնը եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն, նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր կատարած ծառայութեան համար։ Աւարտին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը Արժ. Տ. Հօրին յանձնեց շնորհակալագիր մը՝ ի գնահատութիւն իր նուիրեալ ծառայութեան։













