ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Վեհափառ Հայրապետի Շնորհաւորանքը Իրաքի Եզտի Համայնքին

14 Նոյեմբեր 2019ին, Իրաքի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի գլխաւորութեամբ՝ պատուիրակութիւն մը այցելեց               Քրիստոնեայ, Եզտի, Սապիի աւանդապահութիւններու գրասենեակ, ուր  հանդիպեցան Եզտի համայնքի հարցերով պատասխանատու՝ Պրն. Շիրուան Ալ Իսմայիլի հետ, որուն փոխանցեցին Ամենայն Հայոց                  Կաթողիկոսի շնորհաւորանքները Ամիր Հազիմ Թահսին Պեկի՝ համայն     Եզտիներու կրօնապետ ընտրուելու առիթով։ Հանդիպման ներկայ էին        աւանդապահութեան ֆինանսներու ընդհանուր տնօրէն Պրն.Կարապետ Գալուստեան եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան փոխ      ատենապետ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան։ Նշենք, որ 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցաւ Եզտիներու՝ Իսլամական պետութեան կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ: Աւելցնենք, որ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ եզտիներու՝ աշխարհի մէջ  ամենամեծ տաճարի բացման եւ օծման արարողութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: