ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Շրջագայութիւնը Իրաքի Հիւսիսային Շրջան

20-25 Նոյեմբեր, 2019-ին, Իրաքի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաք արք․ Ասատուրեան ուղեկցութեամբ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պր․ Մելքոն Մելքոնեանի եւ փոխ ատենապետ Պր․ Գէորգ Գատոյեանի հովուական այց մը կատարեց Իրաքի հիւսիսային շրջանի՝ Քէրքուք, Էրպիլ եւ Տըհոք քաղաքները: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ համայնքի  զաւակներու կացութեան։ Այցի ծիրէն ներս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  հանդիպում ունեցաւ Իրաքի Հիւսիսային ինքնավար շրջանի վարչապետ Նաճիրուան Պարազանիի հետ, հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր հայերուն սատար կանգնելուն եւ հայկական նոր եկեղեցւոյ կառուցման նիւթական հովանաւորութեան համար։ Հանդիպման ներկայ էին՝ Հիւսիսային շրջանի Հայ համայնքի հոգեւոր հովիւները, Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Պր. Երուանդ Էմինեանը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: