ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Խաւարման Կարգը Պաղտատի մէջ

Բաւարարուելով դռնփակ ժամերգութեամբ 2020 թ. Աւագ Շաբաթի և այլ արարողութեանց, որոնք կը կատարուին Պաղտատի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Աւագ Արքեպս. Ասատուրեանը խաւարման երեկոյին իր արտասանած քարոզին մէջ, ի միջի այլոց, հետևեալ պատգամը արտասանեց- «Բոլորիս ծանօթ պայմաններու  բերումով, մենք չենք կրնար եկեղեցի երթալ բայց եկեղեցին կրնանք բերել մեր տունները։ Խտասալիկներով կրնանք հնչեցնել Հայ Եկեղեցւոյ պատարագը՝ ձեւով մը մասնակից ըլլալու արարողութեան յաղթահարելու ժահրին՝ վերածելով մեր տուները փոքրիկ եկեղեցիներու։ Դպրոց չենք կրնար յաճախել, եկէք դպրոցը բերենք մեր տուները, չենք կրնար Միութենական Հաստատութիւններ երթալ, հաստատութեանց ջամբած հայ մշակոյթն ու երազանքը կը բերենք մեր տուները յիշեցնելով մեր զաւակներուն որ իրենք հայ են, նոյնիսկ զբոսանքի պահեր կրնանք ստեղծել մեր տուներէն ներս բարի մթնոլորոտ հրամցնելով ընտանիքի մեր միւս անդամներուն: Ահա այսպիսով արձանագրած կ’ըլլանք դրական յաղթանակ ի վերայ մահաբեր հիւանդութեան»: Ապա Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բժիշկներուն ու գիտնակներուն, ինչպէս նաև բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան ձեռք կը մեկնեն յաղթահարելու հիւանդութիւնը ու եզրափակեց իր պատգամը շուտափոյթ առողջութիւն մաղթելով հիւանդներուն և հոգւոյ խաղաղութիւն ննջեցեալներուն:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: