Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Զախոյի Սբ․ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած՝ վերջին օրերուն աղէտի ենթարկուած՝ Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի զոհերուն յիշատակին։ Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Զախոյի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ․ Մամբրէ քհնյ․ Հմայեակեան։
