ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Պատգամաւոր Պէյտա Սալմանի Այցը Իրաքի Հայ Համայնքի Առաջնորդին

Երեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2020-ին, Իրաքի բարեշնորհ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի  պատգամաւոր Տիկ․ Պէյտա Սալմանին։ Հանդիպման  ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան, Տ․ Գէորգ քհնյ․ Արշակեան։ Հիւրին կ՛ուղեկցէր՝ իր գրասենեակի տնօրէն Պրն․ Ռիատ Քարիօ: Հանդիպման ընթացքին  քննարկուեցան Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու՝ ի մասնաւորի հայ համայնքը  յուզող հարցեր։ Պատգամաւորը  հայ համայնքին  նեցուկ կանգնելու իր աջակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը  յայտնեց:   

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: