ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Խաչվերացի Տօնը Պաղտատի Մէջ

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, հանդիսապետութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սբ․ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Խաչվերացի տօնը։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժանապատիւ Տէր Գէորգ քհնյ․  Արշակեան։ Պատարագի ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։ Արարողութեան ընթացքին նաեւ՝ տեղի ունեցաւ  ռեհանի օրհնութիւն, եւ յաւարտ  եկեղեցական արարողութեանց՝ օրհնուած ռեհանը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝  իբրեւ Խաչի կենարար օրհնութիւն։ Խաչվերացի տօնը՝ Սուրբ Խաչի գլխաւոր եւ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: