ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՏԸՀՕՔ

Խաղաղութեան Աղօթք Հայոց Բանակին Տհոքի Մէջ

2 Հոկտեմբեր 2020-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ  եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին  հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն յիշատակին։ Օրուան պատարագիչ՝ արժ. Տէր Մասիս քհնյ․ Շահինեան քարոզի ընթացքին կարդաց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի զօրակցութեան նամակը ուղուած Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, նամակին մէջ Սրբազան հայրը կը յորդորէ համայն հայութեան  մասնակից ըլլալ հայրենիքի օժանդակութեան գործին։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: