Skip to content
25 Նոյեմբեր 2020-ին, ՀՄԸ Միութեան մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական համաժողովի նիստը, որուն ընթացքին կայացաւ ՀՄԸՄ-ի յաջորդ շրջանի վարչութեան անդամներու ընտրութիւն: Օրուան ներկայ էին՝ Իրաքի Երիտասարդութեան եւ Սպորտի նախարարութեան եւ Իրաքի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչներ։ Ընտրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան 10 անդամէ բաղկացած նոր կազմը, պաշտօնները բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով՝ Պրն․ Արա Եսայեան՝ ատենապետ, Պրն․ Յակոբ Սահակեան՝ փոխ ատենապետ, Պրն․ Արիս Աւետիսեան՝ քարտուղար, Տիկ․ Սիւզան Միհրանեան՝ հաշուապահուհի, Տիկ․ Անիթա Արմէն Իշխանեան, Տիկ․ Սիւզան Նասրի Պօղոսեան, Տիկ․ Զեփիւռ Թորոսեան, Պր․ Սամի Կանաչեան, Պր․ Րաֆֆի Ամրի Լուսեան եւ Պր․ Մասիս Ենովիքեան։
Like this:
Like Loading...