ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ի Յիշատակ Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի Ննջեցեալներուն

Այս օրերուն Պաղտատի  ՀՄԸՄ-ը կը նշէ իր 71-ամեակը, երկար տարիներու ընթաքին  միութիւնը հետեւողական աշխատանք տարած է համայնքի մատաղ սերունդին մէջ ազգային գիտակցութիւն եւ սկաուտական կարգապահութիւն սերմանելու:  Պաղտատի ՀՄԸՄ-ը այսօր եւս իր նորընտիր վարչական անդամներով   կը շարունակէ իր  ազգանուէր աշխատանքը եւ սկաուտական ուխտը յանուն նոր սերունդի հայապահպանման գործին: 4 դեկտեմբեր, 1949-ին, Իրաքի մէջ օրուան իշխանութիւնը արտօնութիւն տուած է հայ մարմնամարզական միութիւն մը հիմնելու, արտօնութիւնը տրուած է միութեան հիմնադիր՝ Պրն. Արշակ Եսայեանին եւ ընկերներ Պրնք. Օհաննէս Սեմերճեանին, Նորայր Ալճիաճեանին, Մկրտիչ Խալոյեանին, Տիգրան Գազանճեանին եւ Կարապետ Գասապեանին: Այս առթիւ  Ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2020-ին, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Տ. Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանի, մատուցուեցաւ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝  ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար:   Օրուան ներկայ էին  Հոգեշնորհ Տ. Պետրոս աբղ. Ազարեան, Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Հրաչեայ Փոլատեան, Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Մելքոն Մելքոնեան եւ վարչութեան անդամներ Պրնք. Կարապետ Գալուստեան, Վարդան Վարդանեան եւ Արա Եսայեան, Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային միութեան վարչութիւնը, ՊՀԵԵ միութեան վարչութիւնը  ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները: ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կողմէ պատրաստուած էր  հոգեճաշ, հայկական աւանդական «Հարիսա», որը  մատուցուեցաւ ներկաներուն եկեղեցւոյ բակին մէջ:   ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը օրուան կապակցութեամբ իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անձնակազմին իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: