16 Դեկտեմբեր 2020-ին, Իրաքի թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան ընդունեց իսլամ կրօնապետ՝ Նորին սրբութիւն Պրն. Ճուատ Ալ-Խուիի, Նորին սրբութիւն Պրն. Զայտ Պահր Ալ-Ուլում, Տօքթ․ Հայտար Ալ-Խուիի եւ Տօքթ․ Սաատ Սալումը։ Յարգելի հիւրերը դիմաւորեցին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Պետրոս աբղ․ Ազարեանը, Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Պրն․ Մելքոն Մելքոնեանը եւ վարչութեան անդամ Պրն․ Արա Եսայեանը։ Հիւրերը Սրբազան Հօր ուղեկցութեամբ այցելեցին առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով պատմեց եկեղեցւոյ կառուցման մասին։ Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ՝ գնահատելով այս այցը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կրօնական փոքրամասնութիւններու յուզող հարցերը, յատկապէս հայերու կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքները ի մասնաւորի Իրաքի խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւն ունենալու վերաբերեալ։ Այցի աւարտին Սրբազան Հայրը եւ Պրն․ Ճուատ Ալ-խուիին փոխանակեցին իրենց տօքթորական թէզերը։ Վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու հայութեան բոլոր մակարդակներով։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ
مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق