Զատկական շնորհաւորանքներ ընդունելու նպատակով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2026-ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը։



