Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ Մէջ Նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկային Տօնը
Posted on
25 դեկտեմբեր 2020-ին, Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին՝ Ս. Ստեփանոս նախավկային յիշատակի տօնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Մասիս քհնյ, Շահինեան։ Տօնին մասնակցեցան բարեշնորհ Սարկաւագներ՝ Նշան Ներսէսեան, Արի Կուլուզեան եւ Արտաւազդ Գասպարեան։ Պատարագին ներկայ էին թաղական խորհուրդի անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։