Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ Մէջ
Posted on
1 Յունուար 2021-ին, Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարուան առաջին Սուրբ Պատարագը։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ, Շահինեան: Աւարտին կատարուեցաւ Նռօրհնէքի արարողութիւն եւ Սուրբ Ծննդեան Ջրօրհնէքի Խաչքաւորի վիճակահանութիւն։ Ծէսին մասնակցեցան եկեղեցւոյ դպրաց եւ սարկաւագաց դասերը: Ներկայ էին թաղական խորհուրդի անդամները եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։