Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Հաւրէզք Գիւղի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
Posted on
1 Յունուար 2021-ին, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարուան առաջին Սուրբ Պատարագը։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեան: Աւարտին կատարուեցաւ Նռօրհնէքի արարողութիւն։ Ծէսին մասնակցեցան սարկաւագները եւ գիւղի մանուկները: Ապա բաշխուեցան ամանորեայ նուէրներ երեխաներուն։ Արարողութեան ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։