Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Շաբաթ 28 Մարտ 2026-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։ Մասնակցութեամբ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Յակոբոս քհնյ․ Իսահակեանը։ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցան անդաստանի եւ մանուկներու օրհնութեան կարգերը։
















