ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Տօնական Հաւաքոյթ Պաղտատի Ազգային Ծերանոցին Մէջ

2 Յունուար 2021-ի, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի՝ Մելինէ Իսքէնտէրեանի անուան Ազգային ծերանոցին մէջ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը ծերանոցի բնակիչներուն  համար Ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով։ Աւարտին բաշխուեցան նուէրներ բոլոր ներկաներուն ։ Ճաշկերոյթին մասնակցեցան  Հոգեշնորհ Տ․ Պետրոս Աբղ․ Ազարեան, Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, սարակաւագներ, Ազգային ծերանոցի վարչութեան եւ խնամակալ յանձնախումբի անդամները:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: