9 Յունուար 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի Ազգային վարժարանի դահլիճին մէջ ճաշկերոյթ-ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ: Ձեռնարկին մասնակցեցան հոգեւորականաց դասը, ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան, դեսպանութեան կցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, առաջնորդարանի պաշտօնեաները, դպրաց եւ սարկաւագաց դասերը, դպրոցի ուսուցիչներ ինչպես նաեւ Իրաքի հայագէտներէն ոմանք։