6 Յունուար 2021-ին, Տըհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Սուրբ Պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան: Ս. պատարագին  մասնակցեցան եկեղեցւոյ Դպրաց եւ Սարկաւագաց դասերը: Ջրօրհնէքը կատարուեցաւ պատարագի ընթացքին, խաչի կնքահայր՝  Պրն․ Յակոբ Ղարիպեանի մասնակցութեամբ։ Պատարագին ներկայ էին Թաղական խորհուրդի բոլոր անդամները, եկեղեցւոյ բազմաթիւ զաւակներ եւ հիւրեր։

About The Author

By iamc