ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Գերիներուն Եւ Անհետ Կորածներուն Համար Աղօթք` Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ՄԷջ

16 Յունուար 2021-ին, Գարեգին Բ  Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ Պատարագի, հանդիսապետութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, կատարուեցաւ աղօթք գերիներուն եւ անհետ կորածներուն անփորձանք տունդարձին համար, արարողութեան ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, Զակոյի թաղական խորհուրդի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը եւ սկաուտները, եւ հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն։ Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ  ՀՄԸՄ-ի երկար տարիներու կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ ատենապետ Պրն․ Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգիի խաղաղութեան համար:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: