ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Պաղտատի ՄԷջ Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

13 Փետրուար 2021-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնը: Հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւնը, որուն աւարտին Սրբազան Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը: Ներկայ էին ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան եւ  դեսպանատան կցորդ Պր․ Ալիք Ղարիպեան։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: