Տըհոքի Մէջ Միջինքի Առիթով Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւններ
Posted on
8 Մարտ 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի եւ ծիսակատարութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններ միջինքի առիթով, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Արարողութեան ներկայ էին Թաղական խորհուրդի անդամներէն ոմանք եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։