ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Պաղտատի Մէջ Նշուեցաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տօնը

4  Ապրիլ 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը, մասնակցութեամբ՝ սակաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան, դեսպանատան կցորդ՝ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն․ Վարդան Վարդանեան, անդամներէն ոմանք եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։

Print Friendly, PDF & Email

%d