ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի Յիշատակում Պաղտատի ՄԷջ

22 Ապրիլ 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սբ․ եւ Անմահ Պատարագ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։ Պատարագի աւարտին Հայոց դպրոցի սաները, դպրաց դասը եւ համայնքի զաւակներէն ոմանք հանդէս եկան Ազգային երգերով եւ բանաստեղծութիւններով այնու հետեւ ծաղկէ պսակներ տեղադրուեցան ցեղասպանութեան յուշարձանին։ Արարողութեան ներկայ էին՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետն ու անդամները, Պաղտատի միութեանց վարչական անդամները, սկաուտական շարքերը եւ հաւատացեալներու բազմութիւն։

լուսանկարիչ՝ Րաֆֆի էմրի Լուսեան

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: