12-15 Մայիս 2021-ին, Համաշխարային քրիստոնեայ ուսանողներու միութիւնը Էրպիլի մէջ եօթ եկեղեցիներու մասնակցութեամբ՝ կազմակերպեց Երիտասարդական հաւաք: Ձեռնարկի ընթացքին դասախօսութիւններ կարդացին շարք մը եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ կատարուեցան վանքեր եւ եկեղեցիներ։ Հաւաքին իրենց մասնակութիւնը բերին Իրաքի Հայոց առաջնորդարանի զաւակներէն ոմանք։