Հայաստանի Հանրապետութեան Հռչակման 103-րդ ամեակը Էրպիլի Մէջ
Posted on
29 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 103-րդ ամեակին առիթով, Էրպիլի Գրական Եւ Մշակութային միութիւնը երեկոյ մը կազմակերպեց։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Էրպիլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Արշակ Մանուկեան, Էրպիլի հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեան, Միութեան վարչութեան անդամները եւ համայնքիս զաւակները։