15 Յուլիս 2026-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հանդիպում ունեցաւ Քիւրտիստանի Շրջանային Իշխանութեան Նախագահութեան Դիւանի Նախագահ՝ Պրն. Ֆաուզի Հարիրիի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Իրաքի եւ Քիւրտիստանի մէջ Հայ Ուղղափառ Համայնքի ընդհանուր իրավիճակը։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Քիւրտիստանի Շրջանային Իշխանութեան Նախագահութեան մօտ Ազգային եւ Կրօնական Բաղադրիչներու Գործերու Գրասենեակի Նախագահը։
