24 Մայիս 2021-ին, Տըհոքի աչքի հիւանդանոցի շէնքին մէջ, քաղաքի նահանգապետը Տօքթ․ Ալի Թաթալ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան պատուիրակութեան հետ, որմէ ետք կողմերը ժողով գումարեցին։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ Հայ ակնաբոյժներու անվճար գործողութիւններ կատարելու հարցը Տըհոքի հիւանդանոցին մէջ։ Ժողովին ներկայ էր Տըհոքի եւ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան։