ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Գիրգի Միջազգային 22-րդ Ցուցահանդէսը Պաղտատի Մէջ

Պաղտատի մէջ «Գիրքի միջազգային 22-րդ ցուցահանդէս»ի բացումը  տեղի ունեցաւ Յունիս 10-ին: Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ  մինչեւ Յուլիս 20: Ցուցահանդէսին «Տիճլա Ակադեմիական Հրատարակչութեան» տաղաւարին մէջ իր մասնակցութիւնը ունեցաւ  գրող եւ հայկական հարցի աջակից Ակադեմիկոս Ֆիքրաթ Ալ- Պաղտատին: Տաղաւարին մէջ  տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին օտար հեղինակներու արաբերէն լեզուով գրուած եւ թարգմանուած տասնեակ գիրքեր: Տաղաւար այցելեցին Իրաքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական գործիչներ եւ տեղադրուած գիրքերը արժանացան անոնց գնահատանքին, ինչպէս նաեւ տաղաւար այցելեցին Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Հրաչեայ Փօլատեան,Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապէտ Պրն. Վարդան Վարդանեան, Առաջնորդարանի պաշտօնեաներ, Զուարթնոց դպրաց դասի անդամներ եւ հայ այցելուներ:

Print Friendly, PDF & Email

%d