Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2026-ին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Պրն. Պերճ Թիւֆէնկճեանը եւ Պասրայի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն. Խաժակ Վարդանեանը այցելեցին ՀՀ  մէջ Իրաքի  դեսպանատուն։

Պատուիրակութիւնը ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրաքի Դեսպանութեան Հաւատարմատար՝ դոկտոր Սուհէյլան Էլ-Ճպուրիին։

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան ջերմ եւ բարեկամական զրոյցներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Կեդրոնական Վարչական եւ Իրաքի Հանրապետութեան դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ յատկապէս Հայաստանէն Իրաք այցելել փափաքող հայերուն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման, ինչպէս նաեւ Իրաքէն Հայաստան այցելողներուն մուտքի արտօնագիրներու վերաբերեալ հարցերու շուրջ։

About The Author

By iamc