15 Օգոստոս 2021-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցանեց՝ Տըհոքի հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան։ Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի կարգը։ Արարողութեան ներկայ էին Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։