15 Օգոստոս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առթիւ։ Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի կարգը։ Պատարագի ընթացքին Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի միջնորդութեամբ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրամանով, Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան արժանացաւ Աւագ Քահանայութեան պատուին: Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանին յանձնուեցաւ համապատասխան հայրապետական Սրբատառ կոնդակը։ Արարողութեան ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։