Հոգեհանգստեան Արարողութիւն՝ Հանգուցեալ Պրն․ Արա Եսայեանի Հոգւոյն
Posted on
Ուրբաթ, 20 Օգոստոս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի Իրաքահայոց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Յաւարտ Ս. Պատարագին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Արա Եսայեանի 3-7-ի կապակցութեամբ։ Աստուած իր մեծ ողորմութեամբ պարուրէ հանգուցեալի հոգին եւ արժանացնէ յաւիտենական արքայութեան։ Հոգեհանգստեան պաշտօնէն հետո ներկայները հաւաքուեցան Հայոց Դպրոցին սրահին մէջ որտեղ ցաւակցական խօսքեր հնչեցին ներկայ էին ՀՀ դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան, Գցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական անդամները, միութիւններու եւ ակումբներու վարչութեան անդամները, Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները եւ թեմիս զաւակները։