24 Փետրուար 2021-ին, Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով Էրպիլի մէջ բացուեցաւ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն։ Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ կապերը հազարամեակներու պատմութիւն ունին, եւ այս բարեկամութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով Իրաքի մէջ կը գործեն ՀՀ դեսպանութիւն՝ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ, նորաբաց հիւպատոսութիւնն ու արուեստի կեդրոնը Էրպիլի նշանաւոր բերդին մէջ։ Գլխաւոր հիւպատոս նշանակուեցաւ Պրն. Արշակ Մանուկեան։ Հայ համայնքը ի դէմս Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՀ ներկայացուցչութիւններուն՝ հնարաւորինս ընելով խորացնելու երկու երկիրներու դարաւոր բարեկամութիւնը։ Գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութիւնը սկսաւ Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ՀՀ պետական դրօշի օրհնութեան կարգով հանդիսապետութեամբ՝ հոգեշնորհ Տ․Պետրոս Աբղ․ Ազարեանի, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, ներկայութեամբ՝ Արտաքին գործերու փոխ նախարար Պրն. Արտակ Ապիտոնեանի, ՀՀ դեսպան Պրն. Հրաչեայ Փոլատեանի, Էրպիլ մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեանի, ՀՀ Ազգային ժողովի անդամ՝ ազգութեամբ Եզիտի Պրն․ Ռոստոմ Պաքույեանի, Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ Շրջանի Թաղական խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն: Այնուհետեւ ներկայութեամբ՝ շարք մը երկիրներու դեսպաններու, տեղի պետական այրերու, կրօնապետներու, համայնքի զաւակներու եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն հիւպատոսութեան մէջ կատարուեցաւ դրօշի բարձրացման արարողութիւնը։ ՀՀ Դեսպանութեան կողքին հիւպատոսութեան գործունէութիւնը կ՛ընդլայնէ Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւնները։ Արարողութեան ընթացքին հիւրերէն ոմանք ելոյթներով հանդէս եկան կարեւորելով երկու պետութիւններու կապերու սերտացումը։ Աւարտին հիւպատոսութեան կողմէ ներկաներու պատուին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն : Հիւպատոսութեան բացման նախօրէին ՀՀ ԱԳ փոխ նախարար Պրն. Արտակ Ապիտոնեան այցելեց Պաղտատի մէջ Իրաքի Հայոց առաջնորդարան, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներու ներկայութեամբ քննարկուեցան ազգը յուզող հարցեր եւ խնդիրներ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ
مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق