ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՀՀ Դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանի Հրաժեշտի Երեկոյ

30 Օգոստոս 2021-ին,  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Հրաչեայ Փոլատեանի հրաւէրով Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Միութիւններու եւ ակումբներու վարչութեան անդամները ներկայ գտնուեցան ՀՀ դեսպանի պաշտօնավարման շրջանի  աւարտի առիթով կազմակերպուած հրաժեշտի երեկոյին։  Դեսպանն իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց իրաքահայութեան եւ ի մասնաւորի Սրբազան Հօր, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր միութենական հաստատութիւններուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ իր հերթին դեսպանին մաղթեց բարի ծառայութիւն  եւ արդիւնաւէտ ընթացք։ Միութիւններու վարչութեան անդամներէն ոմանք բարեմաղթանքներով հանդէս եկան։ Ձեռնարկին  ներկայ էին արաբ հայագէտներ՝ Տօքթ․ Ճուատ Ալ-Պայտանի, Տօքթ․ Մուսթաֆա Մուհսն Մուհամատ Ալ-Ուկելի եւ Պր․ Մուհամատ Ալ-Ուկելի , որոնք կարեւորեցին դեսպանին դերը Իրաքի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ։ Ելոյթներու աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու յանձնում դեսպանին, որուն յաջորդեց  յիշարժան նկարներու դիտում  եւ հիւրասիրութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: