24 Սեպտեմբեր 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Վարագայ Սբ․ Խաչի տօնին առթիւ։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ընդգծեց քրիստոնեաներուն համար խաչի խորհուրդը, որպէս փրկութեան միջոց։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ հաւատացեալ ժողովուրդ։