Month: Հոկտեմբերի 2021

Ընտանեկան Հաւաքոյթ «Բանակում» ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ

21 Հոկտեմբեր 2021-ին, ԻՀԲԸ միութեան ընկերային յանձնախումբը՝ միութեան պարտէզին մէջ ընտանեկան հաւաքոյթ «Բանակում» կազմակերպեց։ Ներկայ էին միութեանս անդամները եւ հիւրեր։ Հաւաքոյթին ընթացքին տեղի ունեցան խաղեր եւ նուէրներու բաշխում։

Իրաքի Սուսերամարտի Մրցոյթին ՀՄԸՄ-ը Գրաւեց Երրորդ Հորիզոնականը

Իրաքի սուսերամարտի ընդհանուր միութիւնը, 21-22 Հոկտեմբեր 2021-ին, մրցոյթ մը կազմակերպեց, ուր այլ մարզական ակումբներու կողքին մասնակցեցաւ ՀՄԸ միութիւնը։ Մրցոյթին երրորդ հորիզոնականը գրաւեց Մարիամ Շանթը։ Մեր յատուկ շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքի խօսքը

Մայրենի Լեզուի Դասընթացքի Աւարտական Հանդէսը Էրպիլի Մէջ

8 Հոկտեմբեր 2021-ին, Էրպիլի գրական եւ մշակութային միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Մայրենի լեզուի դասընթացքի աւարտական հանդէսը: Հանդէսի աւարտին նուէրներ բաշխուեցան։ Ներկայ էին Էրպիլի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․

Տեղի Ունեցաւ Պաղտատի Եկեղեցիներու Ֆութպոլի Մրցոյթի Բացման Արարողութիւնը

11 Հոկտեմբեր 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ Քաղդեական պատրիարքի օգնական Բասիլիոս Արք․ Եալտայի, Կաթոլիկ մարզական երիտասարդական յանձնախումբը Մար Կորկիս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպեց՝ համաեկեղեցական ֆութպոլի խումբերու մրցոյթի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան 12 տարբեր քրիստոնէական

Դպրոցական Պիտոյքի Բաժանում Հաւրէզքի Եւ Աւզրուկի Մէջ

6 Հոկտեմբեր 2021-ին, օրհնութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ «Զուլալ» մարդասիրական հիմնադրամին եւ համագործակցութեամբ համայնքապետի հետ, Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի մէջ աշակերտներուն բաշխուեցան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ։

Զախոյի Սբ․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնօրհնէքը

3 Հոկտեմբեր 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի Զախոյի մէջ տեղի ունեցաւ կառուցուելիք Սբ․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը։ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց այս հոգեպարար արարողութիւնը հիմք դնելով

Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ Մէջ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան այցելեց Իրաքի հիւսիսային շրջան: Հովուական այցի ծիրէն ներս Սրբազան հայրը 1 Հոկտեմբեր 2021-ին, հանդիսապետեց Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Արեւելագէտ Պրն․ Արշակ Փոլատեանի Այցը Էրպիլի Հայ Համայնք

29 Սեպտեմբեր 2021-ին, Էրպիլի հայ համայնքի Թաղական խորհուրդը եւ գրական ու մշակոթային միութիւնը պատիւը ունեցան ընդունելու հայ արեւելագէտ, պատմաբան, Թունիսի եւ Մարոքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Արշակ